ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՍՐԲԱԴԱՍՈՒՄ
Հարիւրամեակի սեմին դարձեալ ազգովին ման կու գանք դատարկ ձեռքերով եւ բոպիկ ոտքերով:
Խորքայինը մոռցած՝ կը զբաղինք մանրուքներով:
Չէ՞ որ մեզի համար գաղափարներէ աւելի կարեւոր են կաղապարները:
Արդէն ընտրած ենք յարմարագոյն խորհրդանիշ մըն ալ՝ մասոնական «անմոռուկ» ծաղիկը, որ ամենածանր հեգնանքն է՝ հանդէպ մեր բիւրաւոր զոհերուն: Իսկ հիմա արդէն կը պատրաստուինք «մեծ շուքով» սրբադասելու այդ ծաղիկներու «բուրմունքով» բազմաչարչար մեր զոհերը:
Շատ բարի:
Ցեղասպանութիւնը միմիայն Տասնեւհի՞նգն է... Իսկ Համիտեան կոտորածները Տասնեւհինգէ՞ն առաջ, Քեմալեան կոտորածները Տասնեւհինգէ՞ն ետք... Չէ՛, պէտք է աշխարհին ներկայանանք կաղապարով մը՝ «Քսաներորդ դարու ԱՌԱՋԻՆ Ցեղասպանութիւնը»՝ հանդէպ աշխարհի ԱՌԱՋԻՆ Քրիստոնեայ ազգ Հայուն:
Հիմա սրբադասման բեմադրութեամբ կ’ուզենք Հարիւրամեակի «տօնահանդէսը» զարդարել այլ կաղապարով մը, որով Հայը պիտի դառնայ աշխարհի ԱՄԵՆԱՇԱՏ սուրբեր ունեցող ազգը:
Ամէն զոհ նահատա՞կ է միթէ: Կամ ամէն նահատակ սո՞ւրբ է: Ամէն հերոս նահատա՞կ է: Ամէն նահատակ հերոս սո՞ւրբ է: Լաւ, չերկարեմ...
Սուրբը գոնէ պարտի ըլլալ մաքրակրօն, հրաշագործ, Աստուածավախ:
Խօսք չկայ, եթէ սրբադասումն ալ մէկ երեսն է աջ ու ահեակ բաշխուող շքանշաններու ու կոչումներու հայրենական ծիսակատարութեանց, բայց, ի սէր Աստուծոյ, ի՞նչ պիտի շահինք աշխարհին առջեւ մեր Հողային Հարցը խեղդելով Քրիստոնեայ-Մահմետական նեղ պարունակի մը մէջ, նա՛մանաւանդ այս օրերուն, երբ կրօնական մոլեռանդութեամբ կը սանձազերծուին արիւնալի մարտեր, որոնք երեւութապէս են կրօնական...
Հայը իր քրիստոնէական կրօնքին համար չէ, որ ցեղասպանուեցաւ: Ցեղասպանութեան նպատակը Հողն էր: Նոյնիսկ իսլամացած եւ իսլամացուած, քրտացած հայեր ենթարկուեցան Ցեղասպանութեան:
Եթէ սրբադասումը հաւաքական է, ուրեմն պէտք է սրբադասել նաեւ Եղեռնի զոհ գացած իսլամացած կամ իսլամացուած հայերը: Եթէ սրբադասումը կը ներառէ բոլոր զոհերը, ուրեմն ես ալ սուրբ մըն եմ: Ես ալ զոհն եմ Ցեղասպանութեան:
սուրբ համարուին, իսկ Աւետարանական հայ մը կրնա՞յ ընդունիլ այսպիսի բան: Չէ՞ որ Աւետարանական եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը Աստուծոյ առջեւ չ’ընդունիր Քրիստոսէ զատ այլ միջնորդ...
Իսկ ի՞նչ ընել ինքզինք անկրօն-անաստուած-անհաւատ համարող հայերու պարագային... Չէ՞ որ անոնցմէ ալ շատեր ինկան հերոսաբար կամ զոհ գացին պարզապէս Հայ ըլլալնուն համար:
Այս բեմադրութիւնը կ’ընենք մեր մերկութիւնը թզենիի կաղապարներով կապարելո՞ւ համար:
Որ հպարտանանք՝
Աշխարհի ԱՌԱՋԻՆ քրիստոնեայ ազգն ենք...
Զոհն ենք Քսաներորդ դարու ԱՌԱՋԻՆ ցեղասպանութեան...
Աշխարհի ԱՄԵՆԱՇԱՏ սուրբ ունեցող ազգն ենք...
Սուրբ Զաւէն Զաքարեան